2012-07-20 12:49:49

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի կոչը Սուրիոյ խաղաղութեան ի Խնդիր` Վերագտնել Երկխօսութեան Ճանապարհը։


Կարտինալ Բիդեր Էրտօ` Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդին նախագահը, կոչ ուղղած է Սուրիոյ ընդհարումի պատասխանատուներուն վար առնելու զէնքերը եւ ընթանալու երկխօսութեան, հաշտութեան ու խաղաղութեան ճամբու վրայ։
19 յուլիսին լոյս տեսած յայտարարութեան մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կը խրախուսէ Եւրոպայի քրիստոնեաները աղօթելու այդ աշխարհամասի խաղաղութեան համար։ <<Ամիսներէ ի վեր Եկեղեցին եւ միջազգային հասարակութիւնը անզօր ու մտահոգ կը հետեւին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական ընդհարումի, ուր կացութիւնը օրէ օր կը վատթարանայ` մահ սուգ եւ աւերներ յարուցելով>> - գրած են եւրոպայի եպիսկոպոսները ու աւելցուցած << Համոզուած ենք որ Աստուծոյ օգնութեամբ ու երկկողմանի ողջմտութեան ջանքերով կարելի է միասնաբար հասնիլ համակեցութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան, փոքրամասնութիւններու յարգանքի ու ազատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.